2013-09-21 13:43:19

Խօսէ՛ Ինծի Հայ Եկեղեցիի Մասին
(Քաղուած` Անդրանիկ Վրդ. Կռանեանի գիրքէն)


Յիշենք, թէ Վանայ ծովին հիւսիս արեւմտեան ափին վրայ երկրորդ հրաբուխ մըն ալ կայ. Սիփանը`4434 մեթր: Իսկ հարաւային ափերուն մօտ` երրորդ հրաբուխ մը` Վարագ անունով: Այս հրաբուխներուն ներկայութեան պատճառով` երկիրը կոչուած էր ` §Նայիրի¦, որ սեմական լեզուով կը նշանակէ §կրակէ երկիր¦:
Այս տեսութեամբ կը բացատրուի Վահագնի տրուած §վիշապաքաղ¦ անունը, ուր §քաղ¦ը ո՛չ թէ քաղել բայէն է, այլ §քաղ¦ հին հայկական մէկ բառէն, որ կը նշանակէ բերանէն կրակ ժայթքող հրէշ, Նեմրուտ հրաբուխին խէս:

Մատենագրութիւն


Կրօններու համեմատական գիտութիւնը եւս կրնայ հայ դիցաբանութեան վրայ լոյս սփռել: Այս գիտութեամբ զբաղող առաջին հայ հեղինակները եղած են- թէեւ ո՛չ շատ խիստ գիտական մերձեցումով- Չամչեան, Ինճիճեան եւ Գաթրճեան Մխիթարեան Հայրերը, որոնք իրենց պատմու-թեան հատորներուն մէջ գլուխ մը յատկացուցած են հեթանոս կրօնին:
Առաջին գիտական ուսումնասիրութիւնը ռուսերէն լեզուով կատարած է Մկրտիչ Էմին (Ընդհանուր Տեսութիւն Հայոց Հեթանոսական Կրօնին Վրայ), որ ֆրանսերէնէ հայերէն թարգմանուած է Պոլիս, 1874-ին: Էմինէն ետք նոյն նիւթը շօշափած են Կ. Կոստանեանց, Գարագաշեան, Հ. Բարսեղ Սարգի-սեան…: Իսկ Հ. Ղ. Ալիշան, առաջին անգամ ըլլալով ժողովրդային զրոյցները շահագործած է:


ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ԿՐՕՆԸ

Քրիստոնէութիւնը մարդկային Պատմութեան մէջ յայտնուեացաւ ա՛յնպիսի ժամանակաշրջնի մը մէջ, երբ մարդկութեան մէկ մասը անաուններ կը պաշտէր, միւսը` կուռքերուն մարդկային զոհ կը մատուցանէր, երրորդը`հերոսներ կ’աստուածացնէր ու արձաններ կը կանգնէր: Մարդկութեան ուրիշ մէկ մասն ալ կրօնը նոյնացուցած էր ազնիւ բարոյախօսութեան հետ, ինչպէս Սոկրատ` Յունաստանի մէջ, Քրիստոսէ հինգ դար առաջ`չինական աշխարհը բարոյական բարձր կատարելու-թեան հասցուցած էր, իսկ Պուտտան իր միստիկական տեսութիւններով հնդկական աշխարհը առինքնած էր:
Փոքր ժողովուրդ մը բազմաստուածութենէն բարձրացած էր հարազատ միաստուածութեան: Ան հրեայ ժողովուրդն էր, որ արժանացած էր Եահվէ-Աստուծոյ յատուկ գուրգուրանքին: Աստուած Մովսէսի միջոցով դաշինք կնքած էր այս ժողովուրդին հետ եւ զայն ընտրեալ ժողովուրդ կարգած էր, որովհետեւ այս ժողովուրդէն պիտի ընձիւղէր Քրիստոսը` քրիստոնէութեան հիմնադիր Աստուածորդին: Այս նոյն ժողովուրդին զաւակներուն մէջ է որ քրիստոնէութիւնը արմատ նետելով` պիտի տարածուէր աշխարհի երեսին:







All the contents on this site are copyrighted ©.